Truth-Defined.com >> Topic 1 - The Nature of Truth >> Chapter 9 -
 1tp-50x50 Ճշմարտութեան Սահմանումը
USE THE DROP-DOWN MENUS BELOW TO GO FROM PAGE TO PAGE
T=Topic - Ch=Chapter
Over 70 pages of unique insight into the Nature of Truth
Approximate time to read this page is 7 minutes.

This page contains The Definition of Truth in Western Armenian.
It uses the font Sylfaen.

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ գոյութիւն ունի

Ինքնաժխտում է փորձել մերժել ճշմարտութեան գոյութիւնը: Եթէ մէկը ուզէ ուրանալ ճշմարտութեան գոյութիւնը ըսելով թէ «Ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի», ինքզինքը հակասած կ՛ըլլայ, որովհետեւ կ՛ակընկալէ որ իր կարծիքը ընդունուի որպէս ճշմարտութիւն: Նաեւ, քանի որ գիտութիւնը գոյութիւն ունի, անոր նպատակակէտն ալ գոյութիւն ունի, այսինքն ճշմարտութիւն: Ուրեմն անխուսափելի է ճշմարտութեան գոյութիւնը:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԱՆՓՈՓՈԽԵԼԻ Է

Անկարելի է որ ճշմարտութիւն փոխուի: Ինչ որ այսօր ճշմարիտ է, միշտ էր եւ միշտ ալ պիտի մնայ ճշմարիտ: Բոլոր ճշմարիտ առաջարկները անփոփոխելի ճշմարտութիւններ են: Ճշմարտութեան գործնապաշտ տեսակէտները (Բրակմադիգ)  որոնք կը թելադրեն թէ ինչ որ այսօր ճշմարիտ է, վաղը կրնայ սխալ դարնալ ճիշտ տեսութեան մը վրայ չեն հիմնուած: Եթէ ճշմարտութիւն փոխուի, ուրեմն գործնապաշտութիւնն ալ օր մը սխալական պիտի ըլլայ, եթէ երբեք ճշմարիտ կրնար ըլլալ:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է

Ինքնահակասում է մերժել ճշմարտութեան յաւիտենականութիւնը: Եթէ տիեզերքը բնաւ պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ, ճշմարիտ է որ տիեզերքը երբե՛ք պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ: Եթէ տիեզերքը օր մը պիտի փճանայ, այն ատեն ա՛յդ ճիշտ է: Բայց ճշմարտութիւն ի՛նք պիտի մնայ եթէ նոյնիսկ բոլոր ստեղծուածները փճանան: Բայց եթէ մէկը հարցնէ թէ  «Ին՞չ կ՛ըլլայ, եթէ ճշմարտութիւն փճանայ», այն ատեն պիտի տեսնենք որ դարձեալ ճիշտ պիտի մնայ որ ճշմարտութիւն փճացաւ: Որեւէ մերժում ճշմարտութեան յաւիտենականութեան, կ՛ըլլայ ինքնին՝ ճշմարտութեան յաւիտենականութեան հաստատումը:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄՏԱՅԻՆ Է

Ճշմարտութեան գոյութիւնը կ՛ենթադրէ միտքերու գոյութիւն: Առանց մտքի ճշմարտութիւն չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ: Գիտութեան նպատակը միտքերու մէջ բնակող առաջարկ մը, իմաստ մը, խորհուրդ մըն է:

Ճշմարտութիւն նիւթէ անկախ է

Ճշմարտութեան գոյութիւնը ներհակ է՝ մարդոց նկատմամբ նիւթապաշտ գաղափարներու հետ: Նիւթապաշտները կը թելադրեն որ ամէն մտածում, ներառեալ տրամաբանական դատողութիւնը, պարզապէս արդիւնքն է ուղեղի մէջ շարժող մեքենական անհրաժեշտութեան: Բայց մարմնական յարաբերական փոփոխութիւնները չեն կրնար ըլլալ ճիշդ, ո՛չ ալ անճիշդ: Շարք մը ֆիզիքական շարժումներ չեն կրնար աւելի ճշմարիտ ըլլալ ուրիշ խումբ մը շարժումներէ: Ուրեմն, եթէ միտք չկայ, ճշմարտութիւն չի կրնար ըլլալ. եւ եթէ ճշմարտութիւն չկայ, նիւթապաշտութիւնը ճիշդ չի կրնար ըլլալ:

Նմանապէս, եթէ միտք չկայ, տրամաբանական դատողութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որմէ յառաջ կուգայ թէ ոեւէ նիւթապաշտ չկրնար հայթայթել իր դիրքին վաւերական արդարացում մը: Որեւէ պատճառ չի կրնար տրուիլ արդարացնելու համար նիւթապաշտութեան ընդունումը: Ուրեմն, որեւէ մերժում ճշմարտութեան մտային բնութեան՝ ինքնազդեցիկ է: Եթէ ճշմարտութիւն մը, կամ առաջարկ մը, ուղեղին մէջ ֆիզիքական շարժումի արդիւնքը ըլլար, երկու հոգի նոյն մտածումը չէին կրնար ունենալ: ֆիզիքական շարժում մը անցաւոր պատահար մըն է, եւ տարբեր ու զատ է ուրիշ անցաւոր պատահարներէ: Երկու հոգի չեն կրնար նոյն պատահարը ունենալ՝ ոչ ալ մէկ հոգի նոյն պատահարը կ՛ունենայ երկու անգամ:

Ճշմարտութիւն ժամանակէ անկախ է

Եթէ մտածումը՝ ուղեղի մեջ պատահմամբ շարժող բջիջներու արդիւնքը ըլլար, յիշողութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը անկարելի կ՛ըլլային: Մտքի յատկութիւն մըն է (եւ ոչ թէ մարմնի) որ անցեալը ներկայ կրնայ դառնալ, մտաբերելով ճշմարտութիւն մը՝ երբ որ ուզէ: Հետեւաբար, եթէ մէկը կրնայ նոյն մտածումը ունենալ երկու տարբեր անգամներ, ճշմարտութիւն ժամանակէ անկախ է:

Ճշմարտութիւն միջոցէ անկախ է

Ոչ միայն ճշմարտութիւնը կը խիզախէ նիւթը ու ժամանակը, ան կը խիզախէ միջոցը, որովհետեւ եթէ հաղորդակցութեան պէտք ըլլայ, ճիշտ նոյն մտածումը անպայման պէտք է ըլլայ երկու տարբեր միտքերու մէջ՝ միեւնոյն ատեն: Եթէ ընդդիմացող մը կը փափաքի մերժել որ աննիւթական գաղափար մը կրնայ գոյութիւն ունենալ երկու տարբեր միտքերու մէջ միեւնոյն ատեն, իր մերժումի գաղափարը միայն իր մտքին մէջ է. Եւ քանի որ այդ գաղափարը չէ արցանագրուած ուրիշ մէկուն մտքին մէջ՝ զայն հերքելը չէ ինկած մեր մտքին մէջ:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԻՏՔԷՆ ՎԵՐ Է

Այս ըսելով կ՛ուզենք հասկցնել թէ՝ ի բնէ, ճշմարտութիւն չի կրնար ըլլալ ենթակայական եւ անհատական: Ճշմարտութիւն անփոփոխելի է, բայց մարդիկ փոփոխամիտ են: Մինչեւ իսկ մէկէն միւսին հաւատքները կը տարբերին, ճշմարտութիւն ինքնին չի կրնար փոխուիլ: Առաւել, մարդոց միտքը չի կրնար դատել ճշմարտութիւն՝ այլ ճշմարտութիւն կը դատէ մարդոց տրամաբանութիւնը:

Յաճախ կը դատենք մէկուն միտքը, ըսելով՝ զոր օրինակ, «Այդ մարդը առաջ ուան պէս սրամիտ չէ». Բայց ճշմարտութիւն չենք դատեր:

Եթէ ճշմարտութիւնն ու մարդկային միտքը հաւասար ըլլային, ճշմարտութիւն հաւիտենական եւ անփոփոխելի չէր ըլլար, քանի որ մարդկային միտքը սահմանափակ ու փոփոխական է, եւ ենթակայ է սխալելու:

Ուրեմն ճշմարտութիւն կը գերազանցէ մարդկային տրամաբանութիւնը. Ճշմարտութիւն կը գերազանցէ ո՛չ միայն մէկ մարդու միտքը, հապա մարդկային միտքերու լման գումարը: Այսպիսով կը հետեւցնենք որ մարդկային միտքէն աւելի բարձր միտք մը պէտք է ըլլայ ուր ճշմարտութիւն կը բնակի:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Է

Տեսանք որ ճշմարտութիւն գոյութիւն ունի, անփոփոխ է, յաւիտենական է, մտային կամ հոգեկան է, եւ մարդոց մտքէն վեր է: Բայց միայն Աստուած ունի այս յատկութիւնները:

Եթէ փոխանակենք Ճշմարտութիւն բառը Աստուած բառով, կ՛ունենանք հետեւեալը:-

Աստուած գոյութիւն ունի
Աստուած անփոփոխ է
Աստուած յաւիտենական է
Աստուած միտք կամ հոգի է
Աստուած անկախ է նիւթէ, ժամանակէ եւ միջոցէ
Աստուած մարդկային միտքէն գերագոյն է

Այս յատկութիւնները հաւասարապէս կը վերաբերին Ճշմարտութեան եւ Աստուծոյ, ու միայն Ճշմարտութեան եւ Աստուծոյ:

Ճշմարտութիւն եւ Աստուած ճիշտ նոյն էութիւնն են:
Ճշմարտութիւն եւ Աստուած փոխարինելի բառեր են:
Ճ շմարտութիւն Աստուած է:
Աստուած Ճշմարտութիւն է:

Որեւէ ստեղծագործութիւն չունի Ճշմարտութեան կամ Աստուծոյ յատկութիւնները: Ստեղծագործուած առարկաներու մասին ճշմարիտ յայտարարութիւններ կամ առաջարկներ ընել անկարելի է: Նոյնիսկ թիւերու, երկրաչափութեան պատկերներու եւ գիտութեան ու տրամաբանութեան օրէնքներու մեջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր, որովհետեւ անոնք ճշմարտութեան յատկութիւնները չունին ու կախեալ են ժամանակէ, միջոցէ եւ նիւթէ:

ՄԻՄԻԱՅՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ ԵՆ:

ԱՅՍԻՆՔՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԳԻՏՆԱԼԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՃԱՆՉՆԱԼ Է:

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ «ԵՍ ԵՄ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Է:
ՈՒՐԵՄՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՍՏՈՒԱԾ Է:

ԱՅԺՄ Ա՛ՅՍ Է ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ՈՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ԳԻՏՆԱԼ, ՈՒ ԱՅՍ ԳԻՏՆԱԼՈՎ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ: ՅՈՎ. 17:3

Ճշմարտութիւն Աստուած է
^^^ RETURN TO TOP ^^^
facebook icon Continue the conversation
FlagUSA flagIndia flagPhilippines flagAustralia flagNigeria flagUK flagCanada flagChina flagSA flagIreland flagKenya FlagGermany
Your comments & questions are welcome.
 To send email, copy & paste this address into your email client:

Q&A@Truth-Defined.com
 
>>> To search for “text” in this website only, type:-
site:www.truth-defined.com “text”
 
www.Truth-Defined.com is a Private, Non-commercial website. Its author is not associated with nor funded by any organization.

The author is available for live presentations.

Updated in April 2025

©1997, 2025 Institute on the Nature of Truth - All Rights Reserved.

Information on this website must not be used for any commercial purposes.

Registered with the US Copyright Office.